2013-11-30 08:45:57

Լիբանան։ ''Հաւատքը կեանքի լոյս Է'' աղօթքի երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։


Կիրակի, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Լիբանանի Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ունենայ ''Հաւատքը կեանքի լոյս է'' վերտառութեամբ աղօթքի երեկոյ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր` Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Լիբանանու Հանրապետութեան մօտ Պապական Նուիրակ` գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչայի, ու մասնակցութեամբ Լիբանանու Հայ կաթողիկէ կղերին ու հաւատացեալներուն։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայ Կաթողիկէ քահանայից խորհուրդի կողմէ, Լիբանանու մէջ նշելու համար եւս ''Հաւատոյ Տարուայ Փակումը'', ճիշդ` անցեալ կիրակի 24 նոյեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ` կայացած` Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութենէն մէկ շաբաթ ետք, որուն իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ը։
Աղօթքի երեկոյեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ վկայականներու բաշխում, 60 աշխարհական հաւատացեալներու, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս կազմակերպուած` 2-րդ եւ 3-րդ շարքի դասախօսութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.